Բարի եկաք Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ կայքէջը:
Այժմ Անատոլուի մէջ կը գտնուին եօթը եկեղեցիներ, որոնք կը պատկանին Հայ համայնքին: Ասոնցմէ ամենակարեւորն ու հինը Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին է: Զբօսաշրջիկները, եկեղեցւոյ ուխտաւորները, նաեւ պետական պատասխանատուներ, մտաւորականներ, եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւն ունենալ կը փափաքին: Եկեղեցւոյ հիմը դրուած է 1191ին եւ մինչեւ այսօր կանգուն մնացող հազուագիւտ եկեղեցիներէն մէկը եղած է:Այս կայքէջին մէջ պիտի կարենաք գտնել այս Եկեղեցիին եւ Կեսարիոյ լուսանկարներ, նաեւ պատմական տեղեկութիւններ՝ մեր Եկեղեցւոյ, մեր քաղաքին եւ հիմնադրին մասին: Տեղեկութիւններ պիտի գտնէք նաեւ Կեսարացի համբաւաւոր Հայերու մասին:
Եթէ դուք ալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մասին յիշատակներ եւ լուսանկարներ ունիք, մեզի հետ բաժնեցէ՛ք:
-
Kayseri Gezi1.06.201125 Haziran 2011 Surp Krikor Lusavoric Gununde ve 26 Haziran 2011 Pazar Gunu , Kayseri Surp Krikor Lusavoric Kilisesine İnanc Ziyareti duzenlenecek ve Surp Badarak Yapilacaktir.
-
Kayseri Gezi1.06.2011Katılmak isteyenler tur bilgileri için Nokta Turizm 0 (212) 247 36 00 - 296 40 81/82
-
Kayseri Gezi1.06.201125 Haziran 2011 Surp Krikor Lusavoric Gununde ve 26 Haziran 2011 Pazar Gunu , Kayseri Surp Krikor Lusavoric Kilisesine İnanc Ziyareti duzenlenecek ve Surp Badarak Yapilacaktir.
-
29.05.2011Bu kilisede vaftiz oldum.
Եկեղեցւոյ Ուխտագնացութիւնները
Կան երեք կարեւոր թուականներ, որոնք կը պատկանին Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան: Ասոնք են. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուիլը, Խոր Վիրապէն ելլելը եւ Սուրբ Մասունքներուն գտնուիլը:Ըստ 2011ի Հայոց Օրացոյցին այս տարի 9 Ապրիլին պիտի կատարուի Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուելու յիշատակումը, 25 Յունիսին Խոր Վիրապէն ելլելը եւ 9 Յուլիսին Սուրբ Մասունքներուն գտնուիլը:
Նախորդ տարիներու նման, այս տարի եւս ուխտագնացութիւններ պիտի կատարուին 1 Ապրիլին եւ 25 Յունիսին: