Կեսարիա
Առաջին Շրջաններ

Խէթերէն վերջ շրջակայքը Ֆրիկներուն իշխանութեան տակ կը մտնէ: Այդ թուականներուն ֆրիկներու իշխանութեան տակն էր նաեւ Ալիսը (Գըզըլըրմաք), սակայն Ն.Ք. 676 թուականին Կիմմէրները Փոքր Ասիա կու գան եւ կը գրաւեն Գանիշն ու Մազաքան:
Ժամանակի ընթացքին Գանիշ կը կորսնցնէ իր կարեւորութիւնը եւ Արճէշ (Էրճիյէս) լերան հիւսիսային ստորոտը գտնուող Մազաքան կը բարգաւաճի: Աւելի ուշ շրջաններուն Ասորիներ եւ Լիտիացիներ Կիմմէրները Փոքր Ասիայէն կը հեռացնեն: Մազաքան Լիտիացիներու եւ Մէտէրու իշխանութեան տակ կը մտնէ եւ կը դառնայ շրջանին կարեւորագոյն առեւտրական կեդրոնը:
Ն.Ք. 590 թուականին Պարսիկ (Փէրս) Թագաւոր Կիրոս պարտութեան կը մատնէ Լիտիոյ թագաւորը եւ այսպէսով, ինչպէս ամբողջ Փոքր Ասիան, Մազաքան եւս Պարսիկներու իշխանութեան կ'անցնի: Պարսկաստանէն գաղթող ժողովուրդը, կը հաստատուի Արճէշի շուրջը:
Կապատովկիոյ (Գափատոքեա) Թագաւորութիւնը

Հռովմէական Շրջան
Յ.Ք. 193-211 թուականներու միջեւ քաղաքին մարզադաշտը կը կառուցուի: Ինչպէս բոլոր կարեւոր Հռովմէական քաղաքներուն մէջ, հոս եւս կը կազմակերպուէին են բազմաթիւ մրցումներ: Իսկ քաղաքին պարիսպները կառուցուած են Հրովմէական թագաւոր Կորտիանոս Գ. օրերուն (Յ.Ք. 241): Չորրորդ դարու սկիզբները ամբողջ ժողովուրդը քրիստոնէացած, իսկ քաղաքը՝ այս կրօնին կեդրոնը դարձած էր:Երբ Հռովմ երկուքի կը բաժնուի, Կեսարիան կը մնայ արեւելեան կողմը եւ կը պատկանի Բիւզանդիոնին: Պարսկական եւ Արաբական արշաւանքներու ընթացքին, Կեսարիան բազմաթիւ անգամններ գրաւուած է:
Սէլճուքներ

Կեսարիան որ միջոց մը Տանիշմէնտիներու կեդրոն դարձած էր, մասնաւորապէս Ալաատին Ա. Գէյգուպաթի օրերուն Սէլճուքներուն երեք մեծ քաղաքներէն մին եղած է: Այս շրջանին կառուցուած կարեւորագոյն շինութիւններէն են. Կիւլլիւք Մզկիթն ու Բաղնիքը, Հունաթ համալսարանը, Շիֆաիյէ-Կըյասիյէ վարժարանները, Լալա Մուհլիսիտտին Մզկիթը եւլն:

Մոնկոլական (Մօղօլ) Տիրապետութիւն
Թրքական պատմութեան մէջ կարեւոր անկիւնադարձ մըն է Սէլճուքներուն պարտութեան մատնուիլը Մոնկոլ բանակին կողմէ, քանի որ այսպէսով Փոքր Ասիոյ մէջ Մոնկոլական տիրապետութեան շրջանը սկսած է: Անոնք կուսակալներ ղրկելով Փոքր Ասիան քննած ու 150 տարիներ, շարունակ աւարած են Փոքր Ասիոյ բոլոր նիւթական եւ բարոյական աղբիւրները: Մոնկոլական իշխանութեան տակ հետզհետէ ուժասպառ մնացող Սէլճուքները, Մէսուտ Բ.էն ետք ցրուած են:
Օսմանեան Շրջան
Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտի շրջանին, ինչպէս Գարամանը եւ Գօնիան, Կեսարիան եւս Օսմանեան հողերու մաս կազմեց (1474): Այս թուականէն ետք Կեսարիան Գարաման նահանգին կապուած կեդրոն մը եղաւ:
Մօտիկ Շրջան
Հանրապետական շրջանին, 1924ի սահմանադրութեամբ քաղաքը կոչուեցաւ Կեսարիա (Գայսէրի): Պետութեան ձեռնարկներուն շնորհիւ, հինէն ի վեր առուտուրի կեդրոն մը՝ Կեսարիոյ մէջ ճարտարարուեստ սկսաւ: Այսօր Կեսարիան տնտեսական, մշակութային, մարզական եւ քաղաքական տեսակէտէ, Թուրքիոյ ամենաարագ յառաջացող եւ ուշադրութիւն գրաւող քաղաքներէն մէկն է:
Այսօրուան Կեսարիան
Կեսարիան զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ կեդրոն մըն է, քանի որ ունի օդակայան մը եւ շատ մօտ է Կապատովկիոյ: «Նովօթէլ»ը, «Հիլթօն Կեսարիա»ն եւ «Իպիս Հօթէլ»ը Կեսարիոյ արդի պանդոկներէն են: Աւելի մանրամասն տեղեկութեան համար «սեղմեցէ՛ք»: Այսօր Կեսարիոյ մէջ տիրող բաւական զարգացած տնտեսական կեանքին առընթեր, կան նաեւ ճարտարարուեստական եւ արտադրութեան գործարաններ: «Կեսարիա Փարք»ը քաղաքին գլխաւոր առուտուրի կեդրոնն է: «Գաշըքլա Րէստորան»ը եւ «Էլմաճըօղլու Իսքէնտէր»ը լաւագոյն ճաշարաններէն են: Կը յանձնարարենք նաեւ ոտնագնդակի մրցում մը դիտել Կեսարիոյ Գատիր Հաս Մարզադաշտին մէջ, որ արդիական եւ նոր մարզադաշտ մըն է: Քաղաքէն դուրս պտոյտներու համար Արճէշ Լեռնէն եւ Կապատովկիայէն զատ կրնաք նաեւ նախընտրել Թալաս ու Տէվէլի գիւղաքաղաքները:
Bu sayfada kullanılan yazı ve fotoğrafların büyük bir bölümü Kayseri Büyükşehir Belediyesi Web Sitesinden alınmıştır.