
Իսկ 1885ին եկեղեցւոյ նորոգութեան գործը կատարուեցաւ, օրուան արհեստաւորներու, աղքատ դասակարգի, մանուկներու եւ կիներու կողմէ, իրենց բերած թ՛է նիւթական եւ թէ ֆիզիքական օգնութեամբ: Եկեղեցին Կեսարիոյ կեդրոնը գտնուող միւս Հայկական Եկեղեցիներէն աւելի փոքր է, սակայն կը գտնուի հայկական տաքուկ միջավայրին մէջ: 1868ին Եկեղեցւոյ կից հիմնուած էր Կիւմիւշեան վարժարանը, որ այսօր աւերակ դարձած է:


1885ին մեծ նորոգութիւն մը կատարուած եւ դրան վրայ մարմարիոնէ գրութիւն մը զետեղուած է, որուն մէջ կը բացատրուին նորոգութեան մանրամասնութիւնները: Իսկ 1996ին Եկեղեցին դարձեալ նորոգուած է երկու նուիրատու եղբայրներու կողմէ եւ պաշտամունքի բացուած է:
Եկեղեցին ունի երեք գմբէթներ: Մէջտեղի գմբէթը բաժնուած է միւս երկուքէն: Եկեղեցին կազմուած է երեք ուղանկիւնքառանկիւն եւ մէկ քառակուսի բաժիններէ: Եկեղեցւոյ պատերը զարդարուած են զանազան ծաղիկներու, բոյսերու եւ Սուրբերու որմնանկարներով:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին կապուած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան, որ 1461ին հիմնուած է Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտի հրովարտակով: Այս Եկեղեցին միջին Անատօլուի մէջ պաշտամունքի բաց եղող ամենահին եւ միակ եկեղեցին է, որը բարերներու եւ Եկեղեցւոյ Խնամակալութեան ջանքերով կանգուն կը մնայ: