Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Յ.Ք. 257-331)
Ազնուական ընտանիքի զաւակ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ ծնած է Վաղարշապատ (Էջմիածին): Գրիգոր Լուսաւորիչ 301 թուականին Հայոց Տրդատ թագաւորը, իշխանները, բանակը եւ ամբողջ Հայ ժողովուրդը օրհնեց եւ այսպէսով Հայաստանը Քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին պետութիւնը դարձաւ: Լուսաւորիչ կը նշանակէ, լոյս սփռող, լուսաւորող: Ինքն ալ «Լուսաւորիչ» կոչուած է քանի որ Հայ ժողովուրդը լուսաւորած է Քրիստոնէական լոյսով:Գրիգոր Լուսաւորիչ պալատական նենգամիտ խաղերու պատճառաւ կորսնցուցած է ամբողջ ընտանիքը եւ իր մանուկ հասակին Կեսարիա փախցուած է: Այդ օրերուն Կեսարիան քրիստոնէական զօրաւոր կեդրոն մըն էր: Կեսարիոյ մէջ մեծցաւ խորթ մօր հսկողութեան տակ: Քրիստոնէական ուսում ստացաւ եւ մկրտուեցաւ Լէոնիտոս Սրբազանի կողմէ: Դարձեալ Կեսարիոյ մէջ ամուսնացաւ Դաւիթի դուստրը Մարիամին հետ: Ունեցաւ երկու զաւակներ՝ Վրթանէս եւ Արիստակէս:
Այս միջոցին, եկեղեցւոյ երկու հաւատարիմ Սուրբերը Գայիանէ եւ Հրիփսիմէ սպաննուեցան Տրդատ թագաւորին կողմէ: Տրդատ ուզեց Կոյս Հրիփսիմէն իրեն կին դարձնել, սակայն մերժուեցաւ: Ասոր վրայ Գայիանէն կանչեցին եւ ուզեցին որ Հրիփսիմէն համոզէ: Գայիանէն մերժեց այս առաջարկը եւ խրախուսեց Հրիփսիմէին, որպէսզի չհրաժարի իր գաղափարէն եւ չնախընտրէ աշխարհական համբաւն ու պատիւը եւ հաւատարիմ մնայ երկնային երջանկութեան: Տրդատ թագաւոր շատ զօրաւոր մէկն էր, սակայն պարտուած էր երիտասարդ Կոյսէն եւ ասկէ շատ կ'ամչնար: Այս պատճառաւ զայրացաւ եւ դահիճներ ղրկեց եւ սպաննել տուաւ այս երկու Կոյսերն ու անոնց 38 ընկերուհիները:
Այս կոտորածէն ետք կոյսերուն մարմինները 9 օր բացը մնացին, սակայն ոչ մէկ վայրի անասուն կամ թռչուն մօտեցաւ անոնց: Ասկէ յետոյ այս ոճրագործութեան պատասխանատուն՝ Տրդատ Թագաւոր խելագարեցաւ:
Գիշեր մը, Տրդատ Թագաւորի քոյրը, երազին մէջ տեսաւ թէ, իր եղբայրը կրնար այս հիւանդութենէն ազատիլ միայն Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռքով: Ասկէ յետոյ, ազնուական Օտա Ամատունիի առաջնորդութեամբ խումբ մը Խոր Վիրապ գնաց: Անոնք երբ տեսան թէ Սուրբ Գրիգոր դեռ ողջ էր, սաստիկ զարմացան: Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելաւ եւ ինքզինք այդ Վիրապ բանտարկող թագաւորին վրայ աղօթելով՝ բժշկեց զայն: Այս դէպքէն ետք Տրդատ թագաւոր եւ իր ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը ընդունեցին իբրեւ պետական կրօնք: Այսպէսով հայեր դարձան աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը: Տրդատ Թագաւոր, Լուսաւորիչը դարձեալ ղրկեց Կեսարիա եւ ան հոն օծուեցաւ եղաւ հայոց առաջին Կաթողիկոս, ձոձն եպիսկոպոսի մը ձեռամբ:
Kaynakça: Link1 - Link2